Հայ ցանցահէններ Ատրպէյճանցի 1200 սպաներու տուեալներ հրապարակած են

By Asbarez | Wednesday, 28 September 2016

0927MMCA

ՓԱՐԻԶ, <<Նոր Յառաջ>> - Հայաստանի անկախութեան 25րդ տարեդարձին օրը, հայ ցանցահէններ յարձակում գործած են ատրպէյճանական շարք մը կայքէջերու վրայ: Անոնք ատրպէյճանական որոշ կայքերու վրայ զետեղած են Հայաստանի դրօշը պատկերող նկար եւ շնորհաւորական ուղերձ մը՝ <<Տօնդ շնորհաւո՛ր, Հայաստան>>:

Նաեւ, <<Մոնթէ Մելքոնեան համացանցային բանակ>>ին պատկանող <<Ֆէյսպուք>>ի էջին վրայ հրապարակուած է յայտարարութիւն մը, ըստ որուն՝ խումբին կողմէ կատարուած գործողութիւններուն ընթացքին ձեռք ձգուած է ատրպէյճանցի 1200 սպաներու անձնական տուեալները, ներառեալ՝ անձնաթուղթերու եւ հեռաձայնի թիւեր, բնակութեան հասցէներ եւ անձնական այլ տուեալներ:

 



comments