By Asbarez | Thursday, 29 September 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամ աշակերտները եւ մասնաւորապէս հայ երեխաները իսլամական կրօնքի դասերէն հեռու պահելու համար, որոշ շրջաններու պաշտօնատարներ սկսած են անտեղի կերպով մկրտութեան փաստաթուղթ պահանջելու անոնցմէ:
Թրքական <<Պիանեթ>> լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ հայ երեխաներու ծնողներն ու ներկայացուցիչները չեն հասկնար, թէ ի՛նչ իմաստ ունի մկրտութեան փաստաթուղթ պահանջելը, երբ երեխաներու անձնագիրներուն մէջ նշուած է անոնց քրիստոնեայ ըլլալուն մասին:
Նախորդ տարի նմանատիպ դէպքեր արձանագրուած էին Շիշլիի հայկական Գարակէօզեան դպրոցին մէջ եւ նոյնիսկ աշակերտներէն մէկը հեռացուած էր դպրոցէն՝ մկրտութեան փաստաթուղթ չունենալուն համար: Սակայն այս գծով բացուած դատը քննած դատարանին որոշումով, հեռացուած աշակերտը կրնայ ուսումը շարունակել հայկական դպրոցի մը մէջ, քանի որ անոր անձնագիրին մէջ կար <<քրիստոնեայ>> նշումը: Դատարանը վճռած էր, որ երեխան դպրոց չընդունիլը օրէնքի խախտում է:
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Իզմիրի պատգամաւոր Էրթուղրուլ Քիւրքճու այս հարցը Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգ բերած է՝ կրթութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի պատասխանը ակնկալելով:
Քիւրքճու հարց տուած է, թէ արդեօք նախարարութիւնը դպրոցի ներկայացուցիչներուն սոյն պահանջը աշակերտներու իրաւունքներու ոտնակոխում չի՞ նկատեր. ան նաեւ տեղեկութիւններ պահանջած է այս գծով նախարարութեան առնելիք քայլերուն մասին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ