By Asbarez | Thursday, 29 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 27 Սեպտեմբերին ընդունած է Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսն ու անոր ընկերակցող Մարդասիրական օգնութիւն բարեսիրական կազմակերպութեան (HART-Humanitarian Aid Relief Trust) անդամները:
Ողջունելով հիւրերը՝ խորհրդարանի ղեկավարը ընդգծած է, որ պարոնուհի Քոքսի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն 85րդ այցելութիւնը յատկանշական է այն իմաստով, որ տեղի կ՛ունենայ Արցախի անկախ պետականութեան 25ամեակի օրերուն:
<<Արցախը ճանաչելի է դառնում նաեւ Ձեզանով, քանզի ամէն անգամ դուք բարեկամների նոր խումբ էք բերում Արցախ: Այդ հանգամանքը շատ կարեւոր է, քանի որ Ադրբեջանն անընդհատ փորձում է ապակողմնորոշել միջազգային կառոյցներին՝ սուտ եւ սխալ տեղեկատուութիւն տարածելով մեր երկրի մասին>>, նշած է խորհրդարանի ղեկավարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ պարոնուհին դիտել տուած է, որ ամէն անգամ այցելելով Արցախ, կը նկատէ յառաջընթաց եւ ենթակառուցուածքներու զարգացում, ինչ որ զինք կ՛ոգեշնչէ եւ կ՛ոգեւորէ:
<<Ես ուրախ եմ ձեզի եւ հայկական Սփիւռքին հետ աշխատելով: Պատրաստ եմ շարունակելու իմ մասնագիտական եւ մարդասիրական օժանդակութիւնս Արցախի ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւր այցելութեան նոր մարդոց ծանօթացնելու Արցախի իրական պատմութիւնը>>, նշած է Քարոլայն Քոքս:
Կողմերը քննարկած են խորհրդարանական կապերու ընդլայնման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ստեփանակերտի մէջ գործող վերականգնողական կեդրոնի գործունէութեան, ապրիլեան պատերազմական գործողութիւններէն ետք փաստերու հաւաքագրման եւ մարդասիրական բնոյթի այլ թեմաներ:
Հանդիպման կը մասնակցէին Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ ընկերային ու առողջապահութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արամ Գրիգորեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ