Կարէն Միրզոյեան Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավարներու հետ քննարկած Է Ղարաբաղի հարցը

By Asbarez | Thursday, 29 September 2016

 

0929mirzoyan

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Պելճիքա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար կազմին հետ՝ խումբի նախագահ Էլենի Թէոխարուսի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուած են Արցախ-Եւրոպա փոխյարաբերութիւններուն, ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նոյն օրը Կարէն Միրզոյեան տեսակցած է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ֆրանք Էնկելի եւ միւս անդամներուն հետ: Լուսարձակի տակ առնուած են բարեկամութեան խումբի գործունէութեան առնչուող հարցեր: Կողմերը կարեւոր նկատած են եւրոպական տարբեր կառոյցներու, որոնց կարգին նաեւ Եւրոպական խորհրդարանին հետ կապերու խորացումը:

Այնուհետեւ Եւրոպական խոր-հրդարանի շէնքին մէջ Կարէն Միրզոյեան, որպէս գլխաւոր բանախօս, խօսք առած է Ֆրանք Էնկելի կողմէ կազմակերպուած <<Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն՝ պետականաշինութեան 25 տարին անկայուն տարածաշրջանին մէջ>> խորագիրով կլոր սեղան-քննարկման ընթացքին:

 

 

 



comments