Արամ Ա. Կաթողիկոս ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի ԿԿին հետ կը քննարկէ համայնքը առաւել կազմակերպելու մարտահրաւէրները

By Asbarez | Sunday, 02 October 2016

aramcc



ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 1 Հոկտեմբերին, իր գահակալութեան քսանամեակի առիթով Լոս Անճելոսի հայ համայնքին տուած այցելութեան ծիրէն ներս, Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմին հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համայնքի կազմակերպուածութիւնը ամրապնդելու, անոր արդիւնաւէտ գործունէութեան շրջանակը ընդարձակելու, համայնքի զաւակները աւելի մեծ թիւերով ազգային կեանքին մէջ ընդգրկելու հետ կապուած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները:

Կեդրոնական Կոմիտէն վեհափառին հաւաստիացուց, որ պիտի շարունակէ իր կարելիութիւնները ի սպաս դնել համայնքի հոգեւոր ու ազգային կեանքի առաւել աշխուժացման ու մանաւանդ յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ վեհափառի կողմէ շեշտադրուած երիտասարդութիւնը ներգրաւելու ծրագիրներուն:

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան:


comments