By Asbarez | Saturday, 01 October 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - 2002էն Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամին (WWF-Հայաստան) կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացնուող Կովկասեան ընձառիւծի պահպանութեան ծրագիրին շնորհիւ կենդանին ո՛չ միայն վերադարձած է Հայաստան, այլ նաեւ արձանագրուած է ընձառիւծի թիւի աճ: Այս մասին փոխանցած է հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի լրատուական բաժինը։
Ներկայիս (WWF-Հայաստան) ծրագիրի ծիրին մէջ սկսած է <<Ընձառիւծի խնամակալների ցանց>> նախագիծը, որուն նպատակն է միաւորել հասարակութիւնը, միջազգային կառոյցները, մասնաւոր եւ պետական հատուածը՝ հզօրացնելու ընձառիւծի եւ անոր որս հանդիսացող տեսակներու (բեզոարեան այծ, հայկական մուֆլոն, այծեամ եւ այլն) պահպանութեան մեքանիզմները:
Արդէն իսկ ընձառիւծին ապրած վայրերու յարակից շրջաններուն մէջ ճշդուած են բնասէրներ, որոնք ընձառիւծի բնակած տարածքներուն մէջ կը կատարեն մշտադիտարկումներ ու դաշտային հետազօտութիւններ՝ կենդանիների պահպանութեան մակարդակը բարձրացնելու համար: Անոնց համար կազմակերպուած են ուսուցողական տեսական եւ գործնական դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ տրամադրուած են դաշտային հետազօտութիւններու համար անհրաժեշտ սարքաւորումներ:
Մեկնարկած են նաեւ կրթական նախաձեռնութիւններ, որոնց նպատակն է հանրութեան ներկայացնել ընձառիւծին արժէքը Հայաստանի վայրի բնութեան համար, ինչպէս նաեւ զայն վտանգող հիմնական գործօնները:
<<Ծրագրի յաջորդ փուլը կը ներառի համագործացութեան հաստատում եւ ջանքերի միաւորում կրթական հաստատութիւնների, մասնաւոր հատուածի եւ միջազգային կառոյցների հետ, ինչպէս նաեւ կը լինեն տարաբնոյթ միջոցառումներ՝ մրցոյթներ, ցուցահանդէսներ՝ ուղղուած հանրութեան իրազեկուածութեան մակարդակի բարձրացմանը>>, ըսած է Կովկասեան ընձառիւծի ծրագիրի համակարգող Արսէն Գասպարեան:
Ընձառիւծները Հայաստան կու գան Թուրքիայէն եւ Իրանէն, անոնց կարելի է հանդիպիլ Սիւնիքի մարզէն Արարատի մարզ ինկած գօտիին մէջ, երբեմն՝ նաեւ հիւսիսային մարզերու անտառներուն մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ