Անգարա հակասական դիրքորոշում ունի Թուրք-Սուրիական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին գծով. Մոսկուա

By Asbarez | Tuesday, 04 October 2016

1004Siromolotov

ՄՈՍԿՈՒԱ - <<ՌԻԱ Նովոսթի>> հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Օլեկ Սիրոմոլոթով յայտարարած է, թէ թուրք-սուրիական սահմանին վրայ տիրող կացութեան մէջ Անգարա երկակի դիրքորոշում մը ունի:

<<Թուրք-սուրիական սահմանի հատուածի փակման հարցը Սուրիոյ մէջ իրավիճակի կայունացման ամէնէն կարեւոր քայլերէն մէկն է: Մենք գիտենք, որ սահմանէն մէկ ուղղութեամբ զէնք կը փոխանցուի, իսկ հակառակ ուղղութեամբ՝ քարիւղ, հնագիտական թանկարժէք իրեր, եւ այլն: Կը ծաղկի մաքսանենգութիւնը>>, ըսած է Սիրոմոլոթով: Ան նշած է նաեւ, որ Սուրիոյ զինեալներու տեղաշարժի ճամբաները հիմնականին մէջ կ՛անցնին Թուրքիայէն: <<Թէ՛ մենք, թէ՛ ամերիկացիները ամէն ատեն կը խօսինք այդ մասին>>, ըսած է ան եւ եզրակացուցած. <<Գիտենք, որ թրքական կողմը նաեւ քիւրտերուն դէմ նպատակներ կը հետապնդէ: Ամէն ինչ շատ խառնակ է: Անոնք կը յայտարարեն, թէ գործողութիւնը <<Իսլամական պետութեան>> դէմ է, սակայն նոյն ատեն քիւրտերուն դէմ գործողութիւններ կը կատարեն>>:

Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ իր երկիրը անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները կ՛որդեգրէ, որպէսզի Սուրիոյ մէջ պատերազմի ընթացքին քաղաքայիններուն վնաս չհասնի: <<Մենք չենք բացառեր, որ Ուաշինկթընի նպատակը ըլլայ օգտագործել ահաբեկիչները՝ իբրեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ իր պայքարի երկրորդ ծրագիրին մէկ մասը>>, ըսաւ Լաւրով:




comments