By Asbarez | Tuesday, 04 October 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ճատրակի աշխարհի մինչեւ 14, 16 եւ 18 տարեկաններու ախոյեանութիւնը աւարտած է:
Հայաստանի ճատրակի դաշնակ-ցութենէն յայտնած են, որ մրցաշարքին Հայաստանի ներկայացուցիչներէն հրաշալի ելոյթ ունեցած են մինչեւ 16 տարեկաններու մրցումին մասնակցող Հայկ Մարտիրոսեան եւ մինչեւ 18 տարեկաններու մրցումին մասնակցող Մանուէլ Պետրոսեան: Հայկ Մարտիրոսեան առաջին եօթը փուլերուն տարաւ 7 յաղթանակ, իսկ մրցաշարքի վերջին 4 խաղերը աւարտեց ոչ–ոքի արդիւնքով, որ բաւարար էր աշխարհի մինչեւ 16 տարեկաններու ախոյեան հռչակուելու համար:
Մանուէլ Պետրոսեան, որ կը խաղայ մինչեւ 18 տարեկաններու մրցաշարքին մէջ, նոյնպէս 11 կարելիէն վաստակած է 9 միաւոր եւ դարձած է աշխարհի ախոյեան: Հայաստան միակ երկիրն է, որ մրցաշարքին ունեցած է երկու ոսկի մետալ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ