By Asbarez | Wednesday, 05 October 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանէն Սուրիոյ ժողովուրդին ուղղուած մարդասիրական օգնութեան առաջին օդանաւը հասած է Լաթաքիոյ Հըմէյմի ռուսական ռազմակայան: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
3 Հոկտեմբերին <<Իլ–76>> օդանաւով Լաթաքիա փոխադրուած է 20 թոն մարդասիրական օգնութեան առաջին մասը: Օդանաւով բերուած պարէնամթերքը փոխանցուած է Լաթաքիա ժամանած Հալէպի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին, որ պիտի կատարէ պարէնամթերքի բաշխման համապատասխան դասաւորումներ:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 Սեպտեմբերին յանձնարարած էր, որ տուժած բնակիչներուն աջակցելու համար երկու օդանաւով մարդասիրական օգնութիւն առաքուի Սուրիա: Նման որոշում տրուած է Հալէպի Նոր Գիւղ եւ Վիլլաներ հայաշատ թաղամասերուն մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ ինկած ռումբերէն ետք, որոնց իբրեւ հետեւանք 5 հայեր զոհուեցան, 11 ուրիշներ վիրաւորուեցան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ