Յովհաննիսեան. Երկաթէ Գմբէթին առկայութիւնը անկարելի է Ազրպէյճանի մէջ

By Aztag Daily | Wednesday, 05 October 2016



Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան անկարելի նկատած է <<Երկաթէ գմբէթ>> համակարգին յայտնուիլը Ազրպէյճանի մէջ:

<<Յարգելի՛ լրագրողներ, կը խնդրենք ազրպէյճանական քարոզչութեան նիւթերը մեր դաշտը մի՛ բերէք: Խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի  <<Երկաթէ գմբէթ>>-ի` իբր թէ <<Իսքանտեր>> որսալուն եւ այլն: Մասնագիտականօրէն ատիկա արդէն բացատրուած է, որ նման համակարգ անկարելի է, որ յայտնուի Ազրպէյճանի մէջ, իսկ եթէ նոյնիսկ յայտնուի, անիկա ոչինչ կրնայ ընել>>, Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արծրուն Յովհաննիսեան:


comments