Ամերիկա կը շարունակէ աշխուժօրէն աշխատիլ Արցախի հակամարտութեան կողմերուն հետ

By Asbarez | Wednesday, 05 October 2016




ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման հիմքը պէտք է դառնայ բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած լուծումը. այսպէս կը պնդէ Ուաշինկթըն: Այդ մասին, Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3ի երեկոյեան յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուամիջոցներու հետ կապերու բաժինի ղեկավար Էլիզապէթ Թրուտօ։

<<Մենք կը շարունակենք աշխուժօրէն աշխատիլ հակամարտութեան կողմերուն հետ: Գիտէք արդէն, որ մենք ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներէն մէկն ենք: Մեր քաղաքականութիւնը, որուն համամիտ են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ միւս պետութիւնները, հետեւեալն է. հարցի արդարացի լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային իրաւունքի, ներառեալ՝ Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի, ուժ չկիրառելու կամ ուժի կիրառման սպառնալիքէն զերծ մնալու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ>>, նշեց ան:

Էլիզապէթ Թրուտօ ճեպազրոյցի ընթացքին ղարաբաղեան հակամարտութեան անդրադարձաւ՝ պատասխանելով Ատրպէյճանի պաշտօնական <<ԱզերԹակ>> լրատու գործակալութեան Ուաշինկթընի թղթակիցի հարցումին, որ կ՛առնչուէր անցեալ շաբաթ արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի կատարած յայտարարութեան, թէ՝ տակաւին պայմանները չեն ստեղծուած Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման համար։ Քերի նաեւ նշած էր, թէ տագնապը անլոյծ կը մնայ, որովհետեւ կողմերը պատրաստ չեն եւ անոնց միջեւ լարուածութիւնը տակաւին առկայ է:

Ատրպէյճանցի լրագրողը յամառօրէն պնդեց, թէ միայն Հայաստանի ղեկավարութիւնն է, որ պատրաստ չէ տագնապին լուծում մը գտնելու։ <<Հակամարտութեան միակ կողմը, որ կը խուսափի իր զօրքերը դուրս բերելէն, Հայաստա՛նն է: Նման իրավիճակի մէջ արտաքին գործոց նախարարը ինչո՞ւ կը յայտարարէ, թէ երկու ղեկավարներն ալ պատրաստ չեն հակամարտութեան լուծման>>, հարցուցած է լրագրողը:

<<Երկու պետութիւններու ղեկավարներն ալ պատասխանատուութիւն կը կրեն խաղաղութեան հաստատման համար: Այս պատճառով ալ մենք կը վերահաստատենք բանակցութիւններու միջոցով համաձայնեցուած խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը>>, նշեց Թրուտօ՝ ընդգծելով, որ Քերիի յայտարարութիւնները <<վերլուծելու փափաք չունի>>:


comments