Հալէպի Մէջ 3 Հայ Զոհ, 1 Վիրաւոր

By Kantsasar | Wednesday, 05 October 2016



Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակեցին իրենց բարբարոսական արարքները՝ հրթիռակոծելով Հալէպի Նոր Գիւղ, Մոկամպօ եւ Մուհաֆազա շրջաններու խաղաղ բնակչութիւնը:

Նոր Գիւղի հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուեցան երկու հայորդիներ.
Գասպար Շաթոյեան (1986-ի ծնունդ)
Մովսէս Մովսէսեան (1987-ի ծնունդ)
Վիրաւորուեցաւ Վարուժան Տօնապետեան, որուն վիճակը կայուն է:

Հալէպի Շտապ Օգնութեան Եւ Վերականգնումի Մարմինը փոխանցեց, թէ Նոր Գիւղի մէջ ծանրօրէն վիրաւորուած Յակոբ Աբրահամ Չալլաքեան (1959-ի ծնունդ) մահացաւ։

Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի հայ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 3-ի։




comments