By Asbarez | Friday, 07 October 2016
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամի հովանաւորութեամբ, Հոկտեմբեր 5ին յայտարարուեցաւ <<Լիբանանի ուղին՝ դէպի բարգաւաճ պետութիւն>> արշաւին սկիզբը:
Այս առիթով, վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան ազգային կողմնացոյցէ զուրկ է, եւ աւելցուց, որ երկիրը իր պատմութեան ամէնէն ծանր օրերը կ՛ապրի, իսկ անոր դիմագրաւած տագնապը կարիք ունի անմիջական լուծման:
Վարչապետ Սալամ նշեց, որ կարելի պիտի չըլլայ Լիբանանը բարգաւաճեցնել, որովհետեւ <<մեր սահմանները պատերազմական վիճակի մէջ են, երկրին մէջ աւելցած են մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներ, ցամաքային արտածումի կարելիութիւն չունինք, իսկ առեւտուրը իր ամէնէն ցած մակարդակին հասած է>>:
Սալամ ապա կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին նախագահի ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրական հաւասարակշռութիւնը վերահաստատել:
<<Նախագահի ընտրութիւնը դրական հարուած մըն է, որ կրնայ կասեցնել տնտեսական տագնապը>>, ըսաւ ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ