Լաւրով Երեւան Պիտի Այցելէ

By Asbarez | Friday, 07 October 2016



ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով 14 Հոկտեմբերին պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

<<Լաւրով պիտի մասնակցի նիստի  աշխատանքներուն: Պիտի քննարկուին հաւաքական անվտանգութեան համակարգի հետագայ կատարելագործման, միջազգային ահաբեկչութեան հակազդելու, ռազմական համագործակցութեան զարգացման արդիական հարցեր եւ շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք պիտի ներկայացուին կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հաստատման>>, դիտել տուած է Զախարովա:

Ան աւելցուցած է, որ նիստին մասնակիցները պիտի քննարկեն ՀԱՊԿի կազմակերպական եւ վարչարարական-ֆինանսական որոշ հարցեր:


 

comments