Զախարովա անդրադարձած է Սուրիայէն Հայերու Հայաստան տեղափոխման հարցին

By Asbarez | Saturday, 08 October 2016

1008zakharova souriahay

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ակնարկած է Ռուսիոյ հաւանական աջակցութեան՝ Սուրիայէն հայերու Հայաստան տեղափոխման գործին:

Ռուսական <<Ռաշա Թուտէյ>>ը կը հաղորդէ, թէ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին այս հարցին անդրադարձած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիա պատրա՞ստ է աջակցելու Հայաստանին՝ Սուրիոյ մէջ գտնուող հայ համայնքի ներկայացուցիչները իրենց պատմական հայրենիքը տեղափոխելու հարցով, Զախարովա ըսած է. <<Եթէ կայ տեղեկութիւն, կան նամակներ՝ Սուրիոյ տարածքին բնակող հայերէ, որոնք կը փափաքին տեղափոխուիլ Հայաստան, ապա անոնք պէտք է համապատասխան ձեւով այդ մասին տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ու համապատասխան մարմիններուն: Հայաստանն ալ, իր կարգին, եթէ դրական մօտենայ հարցին, ապա պէտք է դիմէ որոշ կողմի մը, որ կրնայ նման օգնութիւն մը ցուցաբերել: Ասիկա բնական ընթացակարգ է>>:


 


comments