By Asbarez | Tuesday, 11 October 2016

ՏԵՆՎԸՐ - Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Տենվըրի քաղաքապետ Մայքըլ Հենքաք ոչ միայն Սեպտեմբեր 21ը քաղաքին մէջ հռչակած է <<Հայկական անկախութեան օր>>, այլ այդ նպատակով հրապարակած իր հռչակագիրին մէջ պաշտօնապէս ճանչցած է նաեւ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան ողջունած է քաղաքապետին այս քայլը, նկատել տալով, որ անիկա կու գայ աւելնալու ամերիկահայութեան եւ մարդկային իրաւանց ի նպաստ՝ Տենվըրի եւ Քոլորատոյի իշխանութեանց կողմէ առնուած շարք մը քայլերուն վրայ։
Իր հռչակագիրին մէջ, քաղաքապետ Մայքըլ Հենքաք դրուատած է հայկական ինքնութիւնը պահելու համար Արցախի ժողովուրդին մղած տպաւորիչ պայքարը, միաժամանակ գնահատելով հայութեան շահերը պաշտպանելու նպատակով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աշխատանքը, ինչպէս նաեւ՝ հայապահպանման նպատակով հայ համայնքին ջանքերը, որոնք կ՛իրագործուին հակառակ շարք մը դժուարութեանց։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան ողջունած է Արցախին նեցուկ կանգնելու միտող Հենքաքի եւ Քոլորատոյի հայութեան քայլերը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ