By Asbarez | Tuesday, 11 October 2016

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Մոնթրէալ իր կեցութեան կարճատեւ շրջանին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին իրաւաբաններու խումբի գլխաւոր պատասխանատու դոկտ. Փայամ Ախաւանի հետ:
Խորհրդակցութեան ներկայ եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ իրաւաբան Վահէ Եագուպեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատին առնչուած հարցերու պատասխանատու Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան դատին գործընթացն ու յառաջիկայ հանգրուանները՝ իրենց իրաւական ու պատմական երեսներով:
Յայտնենք, որ Հոկտեմբեր 21ին, Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցական ընդլայնուած հանդիպում մը, որուն պիտի մասնակցին յանձնախումբի հայ թէ օտար բոլոր անդամները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ