Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է Ալիեւ-Էրտողան հանդիպումը

By Aztag Daily | Tuesday, 11 October 2016



Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցած են Պոլսոյ մէջ:

Ըստ <<Մեմլեքեթ>>-ի, գործնական ընթրիքի ծիրին մէջ կատարուած հանդիպումը տեղի ունեցած է Պոլսոյ <<Թարապիա>> պալատին մէջ եւ տեւած շուրջ 1 ժամ 15 վայրկեան:

Ալիեւ Պոլիս կը գտնուի մասնակցելու համար Համաշխարհային ուժանիւթային 23-րդ քոնկրեսին:



comments