By Asbarez | Thursday, 13 October 2016

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ շարունակուող գործողութիւններու ծիրէն ներս եւ սահմանային շրջաններու ապահովութիւնը երաշխաւորելու պատրուակով, վերջին քանի մը օրերուն Թուրքիա-Իրաք սահման տեղափոխուած են մեծ թիւով զինուորներ եւ զինամթերք։
Սահմանին վրայ ուժերու կուտակումը նաեւ կը զուգադիպի Պաղտատ-Անգարա լարուածութեան, որ կապուած է Իրաք ներխուժած թուրք զինուորներու անյապաղ հեռացման վերաբերեալ Իրաքի պահանջին։
Ուժերու կուտակման աշխատանքները համակարգելու համար, սահմանամերձ շրջաններ մեկնած է Թուրքիոյ սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարը:
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 11ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան բուռն կերպով քննադատեց Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատին, պարզապէս որովհետեւ վերջինս պահանջած էր, որ թրքական ուժերը հեռանան իրաքեան հողերէն: Պոլսոյ մէջ կայացած Եւրասիոյ իսլամական խորհուրդի վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, Էրտողան ըսաւ. «Իրաքի վարչապետին կ՛ըսեմ. «Սահմանդ գիտցի՛ր»: Թրքական բանակը իր արժէքը չէ կորսնցուցած, որ իր ցուցմունքը ստանայ Իրաքի կառավարութեան վարչապետէն: Պիտի շարունակենք Իրաքի մէջ մեր գործողութիւնները»: Խօսքը Ապատիին ուղղելով՝ Էրտողան նաեւ ըսաւ. «Դուն մրցակիցս չես. իմ մակարդակիս չես եւ Իրաքի մէջ գոռալդ մեզի համար բացարձակապէս կարեւոր չէ՛»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ