Ֆրանսայի ծերակոյտը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

By Asbarez | Friday, 14 October 2016

 

1015frenchsenate

ՓԱՐԻԶ - Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հոկտեմբեր 14ին ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Օրինագծին կողմ քուէարկած են 156, դէմ՝ 146 ծերակուտականներ:

<<Ասիկա բաւական լուրջ յաջողութիւն է, զգալի աշխատանք կատարուած է մեր կողմէ: Չմոռնանք, որ թուրքերը լուրջ լոպպիինգ կատարեցին, բայց Ծերակոյտը կողմ քուէարկեց այն տարբերակին, որ քուէարկուած էր ամրան Ազգային ժողովին մէջ: Ատիկա կը նշանակէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը վերջնական ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծը>>,- ըսած է  Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

Փափազեան զգուշացուց, որ թուրքերը պիտի փորձեն գտնել 60 ծերակուտականներ, որոնք հարցը կրնան ներկայացնել Սահմանադրական դատարան:

 

 



comments