Արկածի ենթարկուած է Մոսկուա-Երեւան հանրակառքը. Կայ 5 զոհ, 27 վիրաւոր

By Asbarez | Saturday, 15 October 2016

1015accident

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - 14 Հոկտեմբերին՝  Մոսկուայի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը շուրջ 4:30ին, Հիւսիսային Օսեթիոյ մէջ՝ Պեսլան քաղաքէն 6 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, արկածի ենթարկուած է ոչ կանոնաւոր փոխադրութիւն կատարող Մոսկուա-Երեւան հանրակառքըը:

Հայաստանի երթեւեկի, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութեան լրա-տուական ծառայութեան համաձայն՝ նախնական տուեալներով արկածին պատճառով կայ 5 զոհ, 27 վիրաւոր, որոնց մէջ կան երեխաներ։ Հանրակառքին մէջ կային 52 ուղեւորներ։

Նախարարութիւնը արդէն յառաջացուցած է խումբ մը, որ կ՛ուսումնասիրէ դէպքին մանրամասնութիւններն ու հետեւանքները:

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը իր կարգին փոխանցած է, որ, Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, Վլատիքավքազ-Պեսլան շրջանցիկ մայրուղիի 8րդ քիլոմեթրին <<Մերսետես Պենզ-0404-15R>> մակնիշի մարդատարը Մոսկուա-Երեւան փոխադրութիւն կատարելու ատեն բախած է <<Սքանիա>> մակնիշի բեռնատարին:

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան հրապարակած ցանկին համաձայն՝ տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով Վլատիքավքազի հանրապետական հիւանդանոց տեղափոխուած է 19 վիրաւոր:

Ճշդուած է զոհուածներուն երկուքին ինքնութիւնը՝ 56ամեայ Արեւիկ Յունանեան եւ 62ամեայ Եուրա Պօղոսեան: Միւսները Ռուսիոյ քաղաքացիներ են։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առիթով ցաւակցական ուղերձ յղած է, ինչպէս նաեւ յանձնարարութիւններ տուած է Հայաստանի պատկան մարմիններուն: Յանձնարարուած է Հայաստանի կառավարութեան եւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան՝ հրատապ միջոցներու ձեռնարկել տուժածներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ բժշկական ամբողջական օգնութիւն կազմակերպելու նպատակով: Միաժամանակ յանձնարարուած է միջոցներու ձեռնարկել զոհուածներուն եւ վիրաւորներուն ընտանիքներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Աւելի ուշ հաղորդուած է, որ ար-կածէն տուժած  26 քաղաքացիները Երեւան պիտի տեղափոխուին օդանաւով։

 



comments