By Asbarez | Tuesday, 18 October 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Սուրիոյ մէջ բնակող հայերու անվտանգութեան երաշխաւորման եւ վերջիններուս աջակցութիւն տրամադրելու հարցով դիմած է ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին, Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչին, Եւրոպական մարդու իրաւունքի պաշտպաններու հիմնարկին, Միջազգային մարդու իրաւունքի պաշտպաններու հիմնարկին, Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան ղեկավարներուն:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին համաձայն՝ միջազգային կառոյցներուն ուղղուած նամակներուն մէջ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը իր մտահոգութիւնը յայտնած է մասնաւորապէս վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք հայերու մահուան եւ վնասներ կրելու դէպքերուն առնչութեամբ՝ խնդրելով այդ մարմիններուն իրաւասութեան սահմաններուն մէջ գործօն աջակցութիւն ցուցաբերել:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ