By Asbarez | Wednesday, 19 October 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Քանի մը օրէ ի վեր Իրաքի Մուսուլ քաղաքը աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտը դարձած է, այդ քաղաքը <<Իսլամական պետութեան>> լուծէն ազատագրելու համար Իրաքի եւ միջազգային ուժերու կողմէ կազմակերպուած գործողութեան հետեւանքով։
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան օրերէ ի վեր խիստ ազդարարութիւններ կ՛ընէր՝ դիտել տալով, որ Թուրքիա եւս պէտք է իր տեղը ունենայ գործողութեանց մէջ, որովհետեւ Մուսուլը բախտորոշ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիոյ համար։
Հակադարձելով Թուրքիոյ մասնակցութեան դէմ Իրաքի նախագահ Հայտար Ապատիի Երկուշաբթի օրուան յայտարարութեան՝ Էրտողան ըսաւ. <<Մենք այս գործողութենէն դուրս չենք կրնար մնալ. գործողութեան մաս պիտի կազմենք ու յետագային նաեւ բանակցութեանց սեղանին շուրջ պիտի գտնուինք։ Մենք Մուսուլի մէջ ունինք արաբ, թիւրքմէն եւ քիւրտ եղբայրներ. սահմանին մօտ ալ ունինք ազգականներ. այս պատճառաւ ալ կարելի չէ անտարբեր մնալ>>։
Միւս կողմէ, <<Սքայ Նիուզ>>ի արաբական սպասարկութիւնը կը հաղորդէ, թէ Մուսուլի գործողութեան մասնակցող ցամաքային ուժերուն թիւը կը գերազանցէ 60,000ը: Անոնց աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքը, իրաքեան օդուժն ու հրետանին, հիւսիսային Իրաքի քրտական ուժերը, ինչպէս նաեւ շիի կազմակերպութիւններէ եւ տեղւոյն սիւննի ցեղախումբերէ զինեալներ:
Միջազգային դաշինքի ուժերու հրամանատար զօր. Սթիվըն Թաունզընտ յայտնած է, որ Մուսուլի ազատագրման գործողութիւնը կրնայ տեւել քանի մը շաբաթ կամ աւելի երկար:
Յիշեցնենք, որ Մուսուլը Յունիս 2014ին գրեթէ առանց դիմադրութեան յանձնուած էր <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներուն, որոնք այդ քաղաքը կը նկատեն Իրաքի մէջ իրենց մայրաքաղաքը: Կը կարծուի, որ Մուսուլի մէջ կան մօտաւորապէս 6000 իսլամ ծայրայեղական զինեալներ, որոնք պատանդ կը պահեն քաղաքին 1.3 միլիոն բնակչութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ