Վանի մէջ նորանշանակ պաշտօնատար մը կը սպաննուի

By Asbarez | Wednesday, 19 October 2016

1019van

ՊՈԼԻՍ - <<Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ>> կը հաղորդէ, որ Վան նահանգի Արճէշ շրջանի թաղապետ Մեհմետ Շերիֆ Տողու, որ վերջերս Անգարայի կողմէ նշանակուած է Արճէշի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, իր բնակարանին առջեւ սպաննուած է դիմակաւոր զինեալներու կողմէ:

Ան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ վերջերս որդեգրուած հրամանագիրով նշանակուած էր Արճէշի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ:

Անգարա վերջերս քրտաբնակ շարք մը շրջաններու մէջ տեղացի ղեկավարները փոխարինած է կեդրոնական իշխանութեանց հաւատարիմ պաշտօնատարներով։

 



comments