Ռազմաքաղաքական կապերը յաճախակի դարձնելու անհրաժեշտութեան հաստատում՝ Իրանի պաշտպանութեան փոխնախարարին կողմէ

By Asbarez | Wednesday, 19 October 2016

 

1019defenseministers

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 18 Հոկտեմբերին ընդունած է Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցութեան նախարարի տեղակալ, զօրավար Նասրուլլահ Քալանթարիի գլխաւորած պատուիրակութիւնն ու Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Սէյետ Քազեմ Սաճատին:

Կողմերը քննարկած են հայ-իրանեան երկկողմանի համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու ու հակամարտութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցեր: Երկուստեք կարեւոր նկատած են ռազմաքաղաքական կապերը յաճախակի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Իրանեան կողմը Վիգէն Սարգսեանին փոխանցած է Իրանի պաշտպանութեան նախարար եւ զինուած ուժերու աջակցութեան նախարար, զօրավար Հուսէյն Տեհղանի շնորհաւորական նամակը՝ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:

Նոյն օրը կայացած է նաեւ ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու հանդիպում, որուն մասնակցած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան, պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ-պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեան եւ համապատասխան ոլորտներու մասնագէտներ:

Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին քննարկուած են թիկունքային, կրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան շարունակութեան եւ կապերու ընդլայնման վերաբերող հարցեր:

Աւելի ուշ Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Սէյետ Քազեմ Սաճատի հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեանի հետ։ Հանդիպման սկիզբը դեսպանը շնորհաւորած է Իգնատի Առաքելեանը՝ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնի ստանձնման առթիւ եւ յոյս յայտնած, որ անոր պաշտօնավարման ընթացքին հայ–իրանեան յարաբերութիւնները աւելի կ՛ամրապնդուին երկրագործութեան բնագաւառին մէջ։

<<Հայաստանի համար Իրանը հանդէս է գալիս որպէս տարածաշրջանում կարեւոր նշանակութիւն ունեցող երկիր, որի հետ գիւղատնտեսութեան ոլորտում կարելի է իրականացնել փոխշահաւէտ ծրագրեր, եւ չնայած այսօր իսկ մեր երկու երկրներն ակտիւօրէն համագործակցում են, սակայն հարկաւոր է գործնական քայլեր ձեռնարկել երկկողմ յարաբերութիւններն աւելի սերտացնելու ուղղութեամբ>>, նշած է նախարար Իգնատի Առաքելեան: Նախարարը նաեւ աւելցուցած է, որ հայկական կողմը պատրաստ է քննարկել իրանեան կողմին ներկայացուցած իւրաքանչիւր առաջարկ, որ կը վերաբերի երկու երկիրներու գիւղատնտեսութեան ոլորտներու զարգացման:

Դեսպանը ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ է առեւտրատնտեսական համագործակցութեան մեծ ներուժ, եւ այդ ուղղութեամբ երկու երկիրներուն միջեւ կապերը խթանելու համար Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կր-նայ իւրայատուկ կամուրջ հանդիսանալ: Ան նշած է, որ Իրանի բնակլիմայական պայմանները նպաստաւոր նախադրեալներ կը ստեղծեն Հայաստանի հետ գիւղատնտեսութեան ոլորտի տարբեր ճիւղերու մէջ փոխգործակցութեան համար, մասնաւորապէս՝ սերմնաբուծութեան, անասնաբուծութեան, ջերմոցային տնտեսութիւններու զարգացման, ծաղկաբուծութեան, վերամշակման եւ ձկնաբուծութեան ճիւղերուն մէջ։ Իրանի դեսպանը ընդգծած է, որ վերոնշեալ ուղղութիւններով յաջող եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան կազմակերպման պարագային պատրաստ արտադրանքը կարելի պիտի ըլլայ նաեւ արտածել:

Երկկողմանի համագործակցութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու նպատակով դեսպանը առաջարկած է կազմակերպել գիւղատնտեսական արտադրանքի ցուցահանդէսներ՝ երկու երկիրներու գործարարներու մասնակցութեամբ:  Սէյետ Քազեմ Սաճատի նախարար Իգնատի Առաքելեանը հրաւիրած է այցելելու Իրան՝ երկրի գիւղատնտեսութեան բնագաւառի ներկայ վիճակին ծանօթանալու նպատակով: Գիւղատնտեսութեան նախարարը վստահեցուցած է, որ մանրամասն կերպով պիտի ուսումնասիրէ ներկայացուած առաջարկները ու պատրաստակամութիւն յայտնած է միջոցներու ձեռնարկել՝ երկկողմանի համագործակցութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար:

 



comments