ՄԱԿը պատրաստ է աջակցելու Հայաստան ժամանող Սուրիահայերուն

By Asbarez | Wednesday, 19 October 2016

1019ombudsman

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան նախաձեռնած է յատուկ քննարկման՝ Հայաստանի մէջ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիըրուիրթի հետ:

Քննարկման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին պատճառով Հայաստան եկող սուրիահայերուն, յատկապէս անոնց, որոնց համար Հայաստանի մէջ բնակութեան պայմաններու ապահովման հարցին մէջ ՄԱԿի աջակցութեան կարիք կայ:

Թաթոյեան յատկապէս կարեւոր նկատած է Հայաստան ապաստանիլ պատրաստուող սուրիահայերուն համար կեցութեան, ինչպէս նաեւ իրաւական խորհրդատուութեան առնչուած խնդիրներու առաջնահերթ կարգաւորումը: Քննարկուած են սպասուող նոր հոսքի պարագային սուրիահայ ընտանիքներուն նիւթական օժան-դակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը՝ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գրասենեակին կողմէ։

Պիըրուիրթ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցութիւն ցուցաբերել սուրիահայ ընտանիքներուն՝ գրասենեակին իրաւասութեան եւ կարելիութեան ծիրին մէջ՝ նշելով, որ այդ ուղղութեամբ կը տարուին համապատասխան աշխատանքներ:

Քննարկման աւարտին մարդու իրաւունքներու պաշտպանը բար-ձր գնահատած է ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով հայաստանեան գրասենեակին ջանքերը՝ սուրիահայերուն օժանդակելու վերաբերող։

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան նոյն օրը նաեւ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Տեպորա Կրիզըրի հետ: Ներկայացուած են պաշտպանի աշխատակազմի գործունէութեան ընդհանուր նկա-րագիրը, աշխատակազմի մարզային ստորաբաժանումներու ընդլայնման ծրագիրները, ինչպէս նաեւ միջազգային շարք մը կառոյցներու հետ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններն ու հեռանկարները:

Քննարկուած են նաեւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման, գաղթականներու, երեխաներու իրաւունքներու եւ գործարարներու շահերու պաշտպանութեան առնչուած հարցեր:

Արման Թաթոյեան բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ Միջազգային զարգացման գործակալութեան դերն ու կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յայտնած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ միացեալ ծրագիրներու նախաձեռնելու եւ փոխգործակցելու իր պատրաստակամութիւնը:

 



comments