Մոսկուա կ՛ողջունէ Թուրքիոյ շինիչ դերը՝ Արցախի տագնապի կարգաւորման գծով. Զախարովա

By Asbarez | Friday, 21 October 2016

1021zakharova

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկելու շուրջ քննարկումներ չկան, սակայն Մոսկուա միայն պիտի ողջունէ, եթէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի անդամ երկիրները, ներառեալ՝ Թուրքիան, կառուցողական դերակատարութիւն ունենան ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն մէջ. Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին այսպէս արտայայտուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա։

<<Մինսկի խմբակի բոլոր անդամներուն ուղղակի պարտականութիւնն է ներդրում ունենալ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն մէջ>>, աւելցուցած է Զախարովա:

Աւելի կանուխ, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ Թուրքիոյ հաւանական դրական դերին մասին յայտարարած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: <<Թուրքիա կրնայ դրական դեր խաղալ՝ ապահովելով Լեռնային Ղարաբաղի ապաշրջափակումը եւ տնտեսական համագործակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ>>, ըսած էր ան։

 



comments