By Asbarez | Friday, 21 October 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին, <<Մարդկային իրաւանց դէտ>> կազմակերպութիւնը (Human Rights Watch) կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն, որ պատժամիջոցներ սահմանեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ՝ մարդկային իրաւունքներու համատարած ոտնակոխումներու շարունակման պատճառով:
Ատրպէյճանի մասին իր նորագոյն զեկոյցին մէջ, հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը փաստէ, որ հակառակ Արեւմուտքի քննադատութեանց, Ալիեւի վարչակազմը կը շարունակէ իր բռնաճնշումները ընդդիմախօսներուն, լրագրողներուն եւ իրաւապաշտպաններուն նկատմամբ:
<<Թէեւ անցեալ տարեվերջին Պաքու պայմանական կերպով ազատ արձակեց կամ ներում շնորհեց քաղաքական շարժառիթներով ձերբակալուած խումբ մը գործիչներու, սակայն ճնշումները չաւարտեցան. ազատ արձակուածներէն շատերը մինչեւ այսօր զրկուած են երկրէն դուրս գալու իրաւունքէն, իսկ միւսները հարկադրուած են դադրեցնելու իրենց գործունէութիւնը՝ շարք մը խոչընդոտներու պատճառով>>, նշուած է զեկոյցին մէջ։
Պաքու նաեւ կը հետապնդէ երկրէն դուրս ապրող այլախոհներ եւ նոյնիսկ ճնշումներ կը գործադրէ այն սակաւաթիւ փաստաբաններուն վրայ, որոնք յանդգնութիւնն ունին ընդդիմադիր գործիչներու շահերը պաշտպանելու։
Կազմակերպութիւնը անբաւարար կը համարէ Արեւմուտքին դատապարտումները եւ կ՛ընդգծէ գործնական պատժամիջոցներ որդեգրելու կարեւորութիւնը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ