By Asbarez | Friday, 21 October 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>>.- <<Wikileaks>>ը հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի աշխատակազմի ղեկավար Ճան Փըտեսթայի նամակագրութենէն բաժին մը, որուն մէկ մասին մէջ անդրադարձ կայ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ քննարկումներուն:
Նամակը գրուած է 2015ի Ապրիլ 19ին եւ ուղղուած է Քլինթընի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալըվընին:
Նամակին մէջ գրուած է. <<Ուրբաթ օրը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման օրն է: Կ՛ենթադրեմ, որ հայկական կազմակերպութիւններ ակնկալեն յայտարարութիւն մը կամ որեւէ նշան մը, թէ ան (Քլինթըն, Խմբ.) պիտի արտասանէ <<ցեղասպանութիւն>> բառը, եթէ նախագահ ընտրուի: Իբրեւ ծերակուտական եւ թեկնածու, ան յստակ դիրքորոշում ունեցած է Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, ան չէ օգտագործած եզրը (ցեղասպանութիւն, Խմբ.), սակայն կեդրոնացած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հաշտեցման վրայ:
Սպիտակ տունը մինչ այսօր խուսափած է <<ցեղասպանութիւն>> բառը օգտագործելէն: Ներկայիս, ներքին քննարկում տեղի կ՛ունենայ այդ դիրքորոշումը փոխելու շուրջ՝ 100ամեակին առթիւ: Սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, դիրքը պիտի չփոխուի:
Երկու հարցում.
– Համաձա՞յն էք, որ ան պէտք է որդեգրէ այդ նոյն դիրքորոշումը, զոր արդէն ունէր՝ իբրեւ ծերակուտական եւ թեկնածու, եւ զոր սակայն չէր հաստատած, երբ ան արտաքին գործոց նախարար էր:
– Համաձա՞յն էք բոլորդ, որ մենք պէտք է պարզապէս սպասենք, քանի դեռ մեզի հարցում չէ ուղղուած, եւ ուստի որեւէ նախաձեռնող քայլի չդիմենք:
Ներեցէք ձեզ այս հարցով անհանգստացնելուս համար, սակայն, ինչպէս գիտէք, այս հարցը կարեւոր է ամերիկահայերուն համար>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ