By Asbarez | Friday, 21 October 2016
ԱՆԳԱՐԱ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին, թրքական ռազմական օդանաւեր ծանր հարուածներ հասցուցին <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ կռուող քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալ ուժերուն՝ Ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ջոկտաներուն, սպաննելով 160էն 200 հոգի։
Թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութեան տուեալներով՝ ռմբակոծուած են սուրիացի քիւրտերուն պատկանող ու Հալէպի հիւսիսային շրջաններուն մէջ գտնուող 18 դիրքերը:
<<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից հանդիսացող սուրիացի քիւրտերուն վրայ այս յարձակումը վստահաբար նոր լարուածութիւն պիտի ստեղծէ երկու երկիրներուն միջեւ, յատկապէս այս օրերուն, երբ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր Թուրքիա պիտի այցելէ, քննելու համար Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ