By Asbarez | Friday, 21 October 2016

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հոկտեմբեր 19ին տեղական ղեկավարներու հետ կազմակերպուած հերթական հանդիպման մը ընթացքին արտաքին քաղաքականութեան նոր ռազմավարութեան մը գլխաւոր կէտերը հրապարակեց՝ սպառնալով նախայարձակ ըլլալ, եթէ երկրին ապահովութիւնը վտանգուած տեսնէ։
Էրտողան իր ելոյթով փորձեց արդարացումներ գտնել երկրին որդեգրած յարձակողապաշտ քաղաքականութեան, որուն վերջին օրինակները բացայայտուեցան Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։ Ան դիտել տուաւ, որ այս նոր ռազմավարութեամբ կարելի պիտի ըլլայ պահպանել Թուրքիոյ ապահովութիւնը։ Այլ խօսքով՝ Թուրքիա պիտի չսպասէ, որ իրեն վրայ յարձակում տեղի ունենայ, այլ պիտի յարձակի այդ յարձակումի բոյնին վրայ։
<<Թուրքիա այսուհետեւ ճանճով զբաղելու փոխարէն՝ ճախճախուտը պիտի չորցնէ>>, ըսաւ ան, պնդելով, որ Սուրիոյ հարցը Սուրիո՛յ մէջ պիտի լուծէ, իսկ Մուսուլի խնդիրը՝ Մուսուլի մէջ։
<<Այսուհետեւ պիտի չսպասենք, որ խնդիրները գան ու մեր դուռը զարնեն։ Պիտի չսպասենք, որ դանակը ոսկորին հասնի, այլ մե՛նք պիտի յարձակինք խնդիրներուն վրայ>>, ըսաւ ան։
Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա ո՛չ մէկէն արտօնութիւն պիտի խնդրէ Իրաքի կամ Սուրիոյ մէջ գործողութիւններ կատարելու համար, ապա հակադարձելով Պաղտատի քննադատութեանց՝ պնդեց. <<Իրաք Թուրքիոյ նման բարեկամ մը չի կրնար գտնել։ Այս պատճառաւ է, որ Թուրքիա Մուսուլի հարցին մէջ կ՛ուզէ մասնակցիլ թէ՛ գործողութեան եւ թէ բանակցութեանց>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ