Կասեցուած են հետախուզական-ներթափանցման փորձեր. Հակառակորդը կորուստներ ունի

By Asbarez | Saturday, 22 October 2016

1022sahman

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - 20 Հոկտեմբերին ժամը 23։00-23:30ին, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծի արեւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններուն մէջ հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզական–ներթափանցման փորձերու։ Այս առնչութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Ըստ անոր՝ պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին անդրադարձած են ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացքին եւ, կորուստներ պատճառելով, ետ շպրտած են իրենց ելման դիրքերը: Ներթափանցող խումբը դիմագրաւելու ընթացքին բանակը կորուստներ չէ ունեցած:

Բացի հետախուզական-ներթափանցման փորձերէն, հակառակորդը 20-21 Հոկտեմբերի լուսցող գիշերը զինադադարի դրութիւնը խախտած է աւելի քան 50 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակած է շուրջ 2800 կրակոց: Հարաւային ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ՏՇՔ տիպի խոշոր տրամաչափի գնդացիր (200 կրակոց):

<<Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը շարունակում են լիարժէք վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագծում եւ պատրաստ են կանխարգելել հակառակորդի ցանկացած սադրիչ գործողութիւն՝ հասցնելով ցաւոտ հարուած>>, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան <<Ազատութեան>> հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է այն երեւոյթին, որ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի ցուցաբերած աշխուժութեան եւ յառաջիկայ օրերուն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն տարածաշրջան կատարելիք այցելութեան միջեւ կապ կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ. <<Երբ որ պէտք է ինչ-որ խմբեր այցելեն, կարեւոր, էսպէս, դիւանագէտներ այցելեն տարածաշրջան, ինչքանո՞վ է արդարացուած, որ խախտումներ իրականացնի ինչ-որ պետութիւն: Տրամաբանական չի, չէ՞, սա: Բայց մենք չենք կարող նորմալ պետութեան քաղաքականութեան միջոցով դիտարկել Ադրբեջանի քաղաքականութիւնը, որովհետեւ Ադրբեջանը նորմալ պետութիւն չէ՝ նա ահաբեկչական է, նա նացիստական է, ֆաշիստական է, իսկ նման պետութիւնների քայլերը տրամաբանօրէն անհնարին է գրեթէ վերլուծել: Այսպիսի քաղաքականութիւնը նա իրականացնում է՝ ելնելով իր էութիւնից>>:

Բաբայեան դիտել տուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ձեռագիրի որեւէ փոփոխութիւն, ինչպէս նաեւ թեքնիք վերազինում նկատելի չէ: <<Նաեւ նման դիւերսիոն գործողութիւններին դիմելը փորձ է՝ տեսնեն՝ ինչքանով է ամուր, եւ այն, որ յետ են շպրտուել, ցոյց է տալիս, որ ամուր է: Ընդհանրապէս, եթէ ամուր չլինէր, Ադրբեջանը անպայման դրանից կ՛օգտուէր՝ սա փաստ է: Ամէն ինչ արւում է: Ի հարկէ, դա չի նշանակում, որ մենք պէտք է ասենք, որ իդէալական է ամէն ինչ, չէ, բայց կան խնդիրներ, եւ արւում է հնարաւորը՝ այդ խնդիրները լուծելու համար, է՛լ աւելի ուժեղացնելու մեր պաշտպանունակութիւնը>>, դիտել տուած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալը:

 



comments

Advertisement