Սարգսեան բարձր գնահատած է ԵՄի յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ լուծման գծով

By Asbarez | Saturday, 22 October 2016

1022serj zalber

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 Հոկտեմբերին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը՝ բարձր գնահատելով Եւրոպական միութեան յանձնառութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու հարցին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան եւ Հերպըրթ Զալպեր միտքեր փոխանակած են Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն եւ առկայ իրավիճակին շուրջ:

Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է Հայաստանի կողմէ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, հիմնախնդիրի լուծման խաղաղ բանակցութիւններուն միջոցով հասնելու ջանքերը եւ վերահաստատած, որ հայկական կողմը պատրաստ է շարունակելու կառուցողական քայլերը՝ ի նպաստ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման:

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը նշած է, որ Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին՝ սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ:

20 Հոկտեմբերին Հերպըրթ Զալպեր հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ:

 

 

 



comments