Նախագահ Սահակեան շեշտը դրաւ քառօրեայ պատերազմին լրատուամիջոցներուն դերակատարութեան վրայ

By Aztag | Monday, 24 October 2016

22 հոկտեմբերին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց <<Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք>> խորագիրը կրող Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին մասնակիցները` ներկայութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի:

Ողջունելով սփիւռքէն Արցախ գտնուող հիւրերը` նախագահ Սահակեան նշած է, որ համաժողովին ընթացքին քննարկուող նիւթերը շատ կարեւոր են, հետաքրքրական եւ հրատապ` տեղեկատուական մարզը որակելով Լեռնային Ղարաբաղի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող մարզ:

<<Ներկայ դրութեամբ տեղեկատուական մարզին մէջ աւանդական գերխնդիրներուն զուգահեռ կը ծագին նորանոր առաջադրանքներ եւ կատարելիք աշխատանքներ: Այս բոլորը կը պահանջէ համապատասխան քաղաքականութեան իրականացում տեղեկատուական դաշտին մէջ, սերտ համագործակցութիւն Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի լրագրողներուն ու լրատուական հատուածներուն միջեւ>>, ըսաւ նախագահ Սահակեան:

Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներուն ունեցած դերակատարութեան` շեշտելով, որ անոնք հանդիսացան այն կռուանները, որոնց միջոցով կարելի եղաւ ջրել ազրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին` համաժողովի մասնակիցները ընդունելուն համար եւ ըսաւ, որ Արցախի մէջ անցուցած օրերը նոր ուժ ու լիցք պիտի հաղորդեն սփիւռքահայ լրագրողներուն, որոնք, վերադառնալով իրենց երկիրներ, պիտի շարունակեն ամէն ինչ ընել յանուն Արցախին, Հայաստանին եւ հայ ազգին:

<<Այսօր մենք պատերազմական իրավիճակ կ՛ապրինք: Պատերազմը ունի ռազմական, դիւանագիտական, տնտեսական եւ լրատուական բնոյթ: Դուք այն  զինուորներն էք, որոնք անդամագրուած են իրական ու վըրչուըլ դաշտին եւ  կը պայքարիք այդ տարածքին մէջ, նաեւ այս սահմաններէն դուրս: Դուք ձեր սահմաններուն մէջ կը պայքարիք, որ Արցախի խնդիրը իր արդարացի հանգուցալուծումը ստանայ: Կը պայքարիք մեր ժողովուրդին անկախութեան եւ ինքնորոշման համար, կը ջանաք Հայ դատը եւ հայկական իրականութիւնը ներկայացնել ձեր երկիրներու քաղաքական իշխանութիւններուն եւ հասարակութեան>>, ըսաւ նախարար Յակոբեան:

Հանդիպման աւարտին նախագահ Սահակեան պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին տեղեկատուական մարզին, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, Լեռնային Ղարաբաղի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան:

Նախագահ Սահակեան Բարձր Գնահատեց <<Ազդակ>>-ի Հետեւողական Ջանքերը`
Հաւաստի Լուրեր Եւ Ճշգրիտ Վերլուծում Փոխանցելու

Լեռնային Ղարաբաղի առնչութեամբ ընդհանրապէս եւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին յատկապէս <<Ազդակ>>-ի դերին գծով խօսքը ուղղելով հանդիպումին մասնակից <<Ազդակ>>-ի պատուիրակութեան, նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց օրաթերթին հետեւողական ջանքերը եւ ժրաջան աշխատանքը` հաւաստի լուրեր փոխանցելու, ճշգրիտ վերլուծում եւ տեղեկատուութիւն կատարելու առումով:

Լրագրողներու Համաժողովը Իր Աշխատանքները Կը Շարուկէ
Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

 

Ստեփանակերտի Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ գումարուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախատեսուած Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի հինգերորդ եւ վեցերորդ նիստերը, որոնց հիմնական բնաբաններն էին <<Հայկական սփիւռքի զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին>> եւ <<Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պաշտպանութեան համակարգին առնչուած խնդիրներու լուսաբանումը լրատուամիջոցներուն կողմէ>>:

Այս առիթով նախարար Հրանուշ Յակոբեան ըսած է, որ Արցախը սոսկ ռազմական տարածք չէ. անիկա նախ եւ առաջ հայրենիք է, ուր կ՛ապրի հերոսական ժողովուրդ, որուն մասին պէտք է գրել, որուն գոյատեւման պէտք է անդրադառնալ: Անոր համաձայն, Հայաստանի զարգացումը պէտք է դառնայ սփիւռքի լրագրողներուն միտքի, գրիչի, ոգիի կարեւոր նպատակը:

<<Ազդակ>>-ի տնօրէն-գլխաւոր խմբագիր, Հայ լրագրողներու համաժողովները համակարգող խորհուրդի նախագահ Շահան Գանտահարեան նշած է, որ համաժողովին կը մասնակցին 31 երկիրներէ լրագրողներ` 90-ը սփիւռքէն, 34-ը` Արցախէն ու Հայաստանէն:

Ներկայացուած զեկուցումներէն ետք կատարուեցան քննարկումներ` Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ առկայ խնդիրներու լուծումը լրատուամիջոցներուն միջեւ համագործակցութեան միջոցով խթանելու վերաբերող:

Նիստերուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ լրագրող Նայիրի Հոխիկեանի <<Արեւը ցեխով չես ծածկի>> փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որ կը պատմէ 1915 թուականին Թուրքիոյ մէջ կատարուած Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ազգային ինքնութիւնը պահպանած աւելի քան 4,5 միլիոն հայերու մասին:

Համահայկական համաժողովի մասնակիցները նիստերէն ետք այցելեցին Արցախի սահմանագիծ` մօտէն ծանօթանալու սահմանի պահպանութեան հսկող զինուորներուն առօրեային: Անոնք զրուցեցին զինուորներուն հետ, գնահատեցին անոնց նուիրումը, ուժ եւ կորով ներշնչեցին իրենց կեանքին գնով սահմանը պահողներուն:

Ապա Տիգրանակերտի բերդին մէջ լրագրողները հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, զօր. Լեւոն Մնացականեանի հետ, որ պատասխանեց լրագրողներուն բոլոր հարցումներուն:

 

 


comments

Advertisement