By Asbarez | Tuesday, 25 October 2016
ՀԱԼԷՊ - <<Գանձասար>>ը կը գրէ, թէ ըստ Սուրիոյ պետական լրատու աղբիւրներու՝ Թուրքիոյ բանակի ռազմական օդանաւերը Հոկտեմբեր 21ին ռմբակոծած են Հալէպի հիւսիսային աւանները՝ պատճառ դառնալով 150 զոհերու:
Սուրիոյ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը, զգուշացնելով թրքական կողմը՝ յայտարարած է, թէ թշնամական նման գործողութիւններ ահռելի հետեւանքներ կ՛ունենան՝ սպառնալով տարածաշրջանի ապահովութեան ու կայունութեան, միաժամանակ նպաստելով ահաբեկչութեան տարածման:
<<Սուրիական օդուժի իրաւունքն է նման ներխուժման կրկնութեան պարագային՝ վա՛ր առնել թրքական որեւէ օդանաւ>>, ըսուած է հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ:
Թրքական կողմը կը պնդէ, թէ իր օդային հարուածներուն թիրախը քիւրտ զինեալներ են, որոնք կը պայքարին <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ: Թրքական տուեալներով՝ սպաննուած են 160-200 քիւրտ զինեալներ։
Սուրիական կողմը դատապարտած է այս ներխուժումը՝ շեշտելով, որ անիկա պատճառ դարձած է Սուրիոյ քաղաքացիներու սպանութեան:
Յիշեցնենք, որ այս գործողութիւններուն առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, փոխադարձելով Լաւրովի յայտարարութեան՝ ըսաւ, որ Թուրքիոյ գործողութիւններուն մէջ մտահոգիչ ոչինչ կայ։
<<Կարեւոր չէ, թէ ո՛վ՝ ի՛նչ կ՛ըսէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ մեր պայքարին ընթացքին։ Թրքական կողմը պիտի շարունակէ ընել այն, ինչ ըրած է՝ իր սահմաններուն եւ երկրի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար>>, յայտնեց վարչապետը։
Միւս կողմէ, Հալէպի մէջ մարդասիրական եռօրեայ հրադադարէն ետք, Հոկտեմբեր 23ին վերսկսած են մարտերը, իսկ ռուսական օդուժը սկսած է ռմբակոծելու ահաբեկիչներու թիրախները։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Հալէպի մէջ զինադադարի վերականգնումը կախեալ է սուրիական զինեալ ընդդիմութենէն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ