Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ժողովին

By Asbarez | Tuesday, 25 October 2016

0000GIBROS

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Հաւատք եւ կարգ բաժանմունքի կազմակերպած միջ-ուղղափառ խորհրդակցութիւնը գումարուեցաւ Կիպրոսի մէջ, 6-13 Հոկտեմբեր 2016ին:

Խորհրդակցութեան մասնակցեցան ուղղափառ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները ներկայացնող 30 հոգեւորական եւ աշխարհական աստուածաբաններ:

Արամ Ա. վեհափառի օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, այս խորհրդակցութեան մասնակցեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

Խորհրդակցութեան նպատակն էր «Դէպի եկեղեցւոյ հասարակաց ըմբռնողութիւն» ուսումնասիրութեան քննարկումն ու անոր տրուելիք ուղղափառ տեսակէտի մը խմբագրութիւնը:

 


comments