By Asbarez | Thursday, 27 October 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, թէ Նոյեմբեր 13ին նախատեսուած եւ Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանի համալիրէն ներս կայանալիք Տրեզտըն քաղաքի սինֆոնիք նուագախումբի <<Աղէտ>> կոչուած համերգը չեղեալ համարուած է։
Նշեալ ստեղծագործութիւնը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, իսկ համերգէն ետք տեղի պիտի ունենար Գերման-Հայ-Թրքական բարեկամութեան միութեան բացման արարողութիւնը։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Նոյեմբեր 13ին հիւպատոսարանի շէնքը ազատ պիտի չըլլայ, ու այդ պատճառաբանութեամբ է, որ համերգը կը ջնջուի։
Ինչպէս գրած էինք, համերգին համար հրաւէր ուղղուած էր նախագահ Էրտողանին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու։ Գերմանական լրատու գործակալութիւնները կը յայտնեն, թէ համերգը ա՛յս իսկ հրաւէրներուն ստեղծած աղմուկին պատճառով ջնջուած է։ Կ՛ըսուի, թէ հրաւէրները ուղարկուած են առանց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ պահելու։
Յայտնենք, որ նուագախումբը կը ծրագրէ <<Աղէտ>>ը Նոյեմբերին ներկայացնել Պելկրատի ու Երեւանի մէջ։
<<Աղէտ>>ը գոյացած է Զէյնետ Կետիզօղլուի(Թուրքիա), Վաչէ Շարաֆեանի (Հայաստան) ու Հելմութ Օրհինկի (Գերմանիա) ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ