Արցախի մէջ զինուոր մը զոհուած է

By Asbarez | Thursday, 27 October 2016

1027artsakh zoh

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արմէնփրէս>> - Ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծի տարբեր հատուածներուն մէջ հակառակորդը 25 Հոկտեմբերին շարունակած է խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը:

Հիւսիսարեւելեան (Թալիշ) ուղղութեամբ, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ (Հան–17) եւ հակահրասայլային հաստոցաւոր նռնականետ (Հհն–9):

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք, ժամը շուրջ 17:00ին պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, մահացու հրազէնային հարուած ստացած է 1996ի ծնունդ զինուոր Գուրգէն Աւետիքի Այվազեան:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորին ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

 

comments