Չափանիշն Ապրիլը չէ, զինադադարի պայմանագիրն է - Կիրօ Մանոյեան

By Asbarez | Thursday, 27 October 2016

 

1027Giro

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>, <<Փանորամա>> - ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան 26 Հոկտեմբերին տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հիմնականօրէն անդրադարձած է Ղարաբաղեան գործընթացին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն Պաքու եւ Երեւան տուած այցելութիւններուն արդիւնքներուն։

Ան դիտել տուած է, որ հայկական կողմին տրամադրած տեղեկատուութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախագահին յայտարարութիւնները կ՛ընթանան զինադադարի դրութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, վերահսկողութիւնը հզօրացնելու ուղղութեամբ: Մանոյեանի համաձայն՝ բայց եւ այնպէս  հարցի լուծման առնչութեամբ ըստ էութեան քննարկումներ տեղի չեն ունենար: Ամերիկացի համանախագահը յայտարարած էր, որ դրական կը գնահատէ կարգավիճակին վերաբերեալ Ալիեւի յայտարարութիւնը։

<<Ամերիակացի համանախագահողը փաստ է գնահատում, որ այդ հարցը քննարկւում է: Ղարաբաղում շատ է քննարկուել կարգավիճակի հարցը, բայց Ադրբեջանը մշտապէս ընդդիմացել է կարգավիճակի մասին խօսելուն: Չնայած սրան՝ հարցի ըստ էութեան կարգաւորման ուղղութեամբ նորութիւններ չկան>>, դիտել տուած է Մանոյեան՝ աւելցնելով, որ եթէ նոյնիսկ մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպին, այնքան ալ հաւանական չէ, որ նախագահներու հանդիպում կայանայ:

<<Մենք պէտք է հաշուի առնենք, որ համանախագահողների քայլերը նպատակ ունեն հարցը կարգաւորել, սակայն, չեմ կարծում, որ մենք համանախագահներից կը լսենք՝ սա մեղաւոր է, նա մեղաւոր է: Իրենք վիճակը համեմատում են Ապրիլի հետ եւ ոչ թէ խօսում են հարցի կարգաւորման մասին: Ադրբեջանի կողմից ամէն օր կայ զինադադարի խախտում, այնպէս չէ, որ ամէն ինչ հարթ է, բայց իրավիճակը համեմատում են Ապրիլի հետ եւ ասում են, որ  իրավիճակը խաղաղ է, լաւ է: Բայց մենք գիտենք, որ զինծառայողներ են զոհւում հակառակորդի կրակոցներից եւ սահմանին իրավիճակը խաղաղ չէ։ Չափանիշն Ապրիլը չէ, զինադադարի պայմանագիրն է եւ զինադադարի վերահսկելու նոր մեխանիզմների մշակումն է>>, շեշտած է Մանոյեան:

Ան նշած է, որ եթէ ատրպէյճանական կողմը շարունակէ սրել իրավիճակը սահմանին վրայ, հայկական կողմը անպայման պիտի տայ համարժէք պատասխան: <<Հնարաւոր է, որ իրավիճակը սրուի, այնպէս չէ, որ պատերազմը վերջացել է, կարող է մի օր էլ պատահի, որ Ադրբեջանի խախ-տումների պատճառով բռնկումներ լինեն>>, ըսած է Մանոյեան՝ օրինակ բերելով այն,  որ եթէ ատրպէյճանական կողմը պարբերաբար կիրարկէ հրթիռներ, հայկական կողմը ինքըստինքեան պէտք է պատասխանէ, թերեւս ալ միւս կողմը պատասխանէ հայկականին, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ ակամայ իրավիճակը սրման։

Խօսելով լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութեան մասին՝ Մանոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ ապրիլեան փորձին նման փորձ մը բացառուած չէ, սակայն, պէտք է յիշել, որ անոնք ստացած են պատասխանը եւ իրենք շտապած են Մոսկուա՝ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման խնդրանքով:

<<Ադրբեջանը տեսաւ, թէ ինչ կը լինի մեր հակազդեցութիւնը: Սակայն նաեւ տեսանք կրկին նոյն մանկական պահուածքը, երբ համանախագահները պէտք է գային տարածաշրջան, կրկին դիւերսիոն փորձեր էին նախաձեռնել:  Եթէ Ադրբեջանը մտածում է, ապրիլեան ծաւալների փորձ չի անի, իսկ եթէ չի մտածում, ամէն ինչ էլ կարող է անել: Դրա դէմն առնելու լաւագոյն միջոցն այն է, որ մենք միշտ պատրաստ լինենք: Այսօրուայ մեր հնարաւորութիւններով լաւ պաշտպանուած ենք: Ի հարկէ, անելիքներ ունենք, նոր բաներ պէտք է ձեռք բերել: Յոյսը պէտք է դնել մեր վրայ>>, յայտնած է Մանոյեան:

Մանոյեան, սակայն, շեշտած է, որ հայկական կողմը ամէն պարագայի պէտք է զգօնութիւնը պահպանէ: Իսկ զինամթերքի ցուցադրութեան անդրադառնալով՝ Մանոյեան նշած է, որ այդ քայլը աւելի շատ կանխարգելիչ բնոյթ ունի:

Խօսելով Հալէպի մէջ տիրող վիճակին մասին՝ Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, որ Հալէպի մէջ իրավիճակը նոյնն է, գաղութին կեանքը կը շարունակուի։ Ըստ անոր՝ թէեւ մերթ ընդ մերթ կը սաստկանան ռմբակոծումները, որոնք Հալէպի արեւելեան կողմէն կը հասնին նաեւ հայաբնական թաղամասեր,  բայց եւ այնպէս գաղութը կը փորձէ իր կեանքը կարելի եղածին չափ յառաջ տանիլ, կը կազմակերպէ ձեռնարկներ, Հայաստանէն ուղարկուած օժանդակութիւնները արդէն բաժնուած են Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ քննադատութիւններ կը հնչեն գաղութի ղեկավարներուն հասցէին՝ թէ անոնք կը փորձեն ամէն գնով պահել գաղութը, ինչո՞ւ ճիգ կայ այս մէկը ընելու՝ Կիրօ Մանեան ըսած է, որ անձերը, որոնք կ՛ուզեն դուրս գալ, ազատ են, դուրս կ՛ելլեն, իսկ անոնք, որոնք որոշած են մնալ, անոնց կ՛օժանդակենք, որպէսզի գոյատեւեն։

<<Ինչ էլ անենք, համայնքը մնալու է, իսկ եթէ մնալու է, պէտք է պահենք: Մերձաւոր Արեւելքում հայութեան մնալը կարեւոր է, որովհետեւ Հայաստանին մօտ է>>, շեշտած է Մանոյեան:

 



comments