By Asbarez | Thursday, 27 October 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք 25 Հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին անդրադարձած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն տարածաշրջան այցելութեան, Ատրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի ու Հայաստանի մէջ կայացած հանդիպումներուն եւ կատարուած քննարկումներուն։
Դիւանագէտը ներկայացուցած է իրենց այցելութեան նպատակները, որոնք քանի մը հատ են։ Հիմնական նպատակներէն է, ըստ Ուորլիքի, զինադադարի դրութեան պահպանման մասին քննարկում կատարել կողմերուն հետ։
Ապրիլեան ողբերգական դէպքերէն ետք զինադադարի դրութեան նկատմամբ յարգանք կայ: Ուորլիք ըսած է, որ թէեւ ասիկա գոհացուցիչ է, սակայն նաեւ արձանագրուած են խախտումներ:
Հայաստանցի լրագրողը դիւանագէտին ըսած է, որ աւելի հասկնալի պիտի ըլլար, եթէ աւելի հասցէական ըլլային ապրիլեան պատերազմին մասին յայտարարութիւնները՝ քննադատելով զայն հրահրող կողմը: Ուորլիք պատասխանած է, որ Ապրիլին տեղի ունեցածը իրական ողբերգութիւն էր, որ բազմաթիւ կեանքեր խլեց:
Լրագրողը հարցուցած է, որ թէեւ բարձր մակարդակի վերջին այցելութիւններէն քանի մը ամիս անցած է, սակայն որեւէ աշխոյժ գործողութիւն չէ կատարուած այդ ուղղութեամբ: Ի պատասխան՝ ամերիկացի համանախագահը նկատել տուած է, որ այդ հանդիպումներէն ետք կարելի եղած է անուղղակի կերպով խօսիլ շարք մը խնդիրներու մասին։ <<Նախագահներուն միջեւ ուղղակի կերպով եղաւ այդ խօսակցութիւնը: Քննարկուեցան ԵԱՀԿ դիտորդական առաքելութեան ընդլայնման հարցը, ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի ղեկավարութեան ներքոյ համաձայնութիւն կար յառաջ ընթանալ անոր առաքելութեան ընդլայնման մասով: Մեր այցելութեան նպատակը այն է, որ մենք որոշ մանրամասնութիւններու գծով յստակացումներ կատարեցինք՝ այդ համաձայնագիրի կեանքի կոչման առնչութեամբ։ Անշուշտ, տակաւին կան տարակարծութիւններ, անհամաձայնութիւններ, ոլորտներ, որոնք դեռ քննարկման կարիք ունին եւ անոնք մաս կը կազմեն բանակցային գործընթացին: Փաստը այն է, որ երկու երկիրներու նախագահներն ալ համաձայնած են քալել խաղաղութեան ուղիով, հասնիլ համաձայնութեան մը, որ մնայուն լուծում պիտի ապահովէ>>, յայտնած է դիւանագէտը։
Լրագրողը Ուորլիքին յիշեցուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնը՝ <<տարածքներ՝ կարգավիճակի դիմաց>> եւ ուզած է գիտնալ, թէ համանախագահը ի՞նչ կարծիքի է այդ յայտարարութեան վերաբերեալ եւ արդեօք ասիկա կը համապատասխանէ՞ իրականութեան։
Ի պատասխան, ամերիկացի դիւանագէտը նկատել տուած է, որ <<կարգաւորման բոլոր տարրերը>> կը քննարկուին եւ աւելցուցած է. <<Մենք կ՛ակնկալենք անկեղծ ու ամբողջական քննարկում ո՛չ միայն նախագահներուն ու համանախագահներուն միջեւ եղած զրոյցներուն ընթացքին, այլ նաեւ հասարակութիւններու միջեւ: Նախագահ Ալիեւ քննարկում կատարած է կարգավիճակի հարցին վերաբերեալ: Ասիկա բան մըն է, զոր մենք բոլորս պէտք է ողջունենք: Մենք պէտք է անկեղծ քննարկում ծաւալենք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին վերաբերեալ: Ես Պաքուի մէջ ալ ըսի, հոս ալ կը կրկնեմ՝ մենք կ՛ողջունենք Ալիեւի այդ յայտարարութիւնը ոչ թէ անոր համար, որ ատիկա վերջին խօսքն է, այլ անոր համար, որ ան այս հարցը, այս խնդիրը կ՛առաջադրէ ու քննարկման նիւթ կը դարձնէ>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ