By Asbarez | Friday, 28 October 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք Արցախի դիրքերէն մէկուն մէջ 26 Հոկտեմբերին զոհուած 20ամեայ Գուրգէն Այվազեանի հարազատները Ռուսիայէն կանչուած են Հայաստան: Այս մասին <<Նիուզ>>ին յայտնած են գիւղապետարանէն: Գուրգէնի աւագ եղբայրն ու ծնողները Ռուսիա կը գտնուին արտագնայ աշխատանքի համար:
Տեղեկացուցած էինք, որ Գեղարքունիքի մարզի Գանձակ գիւղի բնակիչ էր ան, ընտանիքի կրտսերն էր, ունի իրմէ մեծ քոյր եւ եղբայր: Գուրգէնը շուտով պիտի զօրացրուէր:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագիրով, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինուոր Գուրգէն Այվազեանը յետ մահու պարգեւատրուած է <<Մարտական ծառայութիւն>> մետալով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ