Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարները քննարկեցին Ղարաբաղեան տագնապը

By Asbarez | Friday, 28 October 2016

 

1028nalb france

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - 27 Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող վերջին զարգացումները։

Լուսարձակի տակ առնուած է տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը։ Երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուած են մնայուն զարգացում ապրող փոխյարաբերութիւններուն առնչութեամբ:

Նախարարները անդրադարձած են միջխորհրդարանական աշխոյժ կապերուն, ապակեդրոնացեալ աշխոյժ փոխգործակցութեան: Քննարկած են առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման ուղղութեամբ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը:

Նոյեմբերին կայանալիք Ֆրանսախօսութեան գագաթնաժողովին ընդառաջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցերու:

Յատուկ անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի կարեւորութեան: Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճան ամիսներ շարունակ կը մերժէ իրականացնել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, հետեւողականօրէն կը սրէ իրավիճակը շփման գիծին մէջ՝ այդպիսով խոչընդոտելով բանակցային գործընթացի յառաջ մղման նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծումը:

Երկուստեք շեշտած են Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւններու լիակատար իրականացման կարեւորութիւնը:

 

 



comments