Մոկերինի Սուրիոյ վերակառուցման համար պատշաճ պայմաններ ստեղծելու կոչ կ՛ընէ

By Asbarez | Tuesday, 01 November 2016

 

1101Zarif-Mogherini

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>>.- Հոկտեմբեր 29ին Իրան այցելած Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Թեհրանի մէջ իր խորհրդակցութեանց աւարտին յայտնեց, որ Եւրոպան եւ շրջանային երկիրները կրնան Սուրիոյ վերակառուցման համար նիւթական, քաղաքական եւ ընկերային գետնի վրայ պատշաճ պայմաններ ստեղծել:

Ան Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցած էր Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ, քննելու համար Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ այն գործակցութիւնը, որուն Եւրոմիութիւնը որոշած է սկսիլ՝ շրջանային ուժերուն հետ:

<<Քննարկեցինք նաեւ Սուրիոյ տագնապին անմիջական դադրեցումը, մարդասիրական օժանդակութեանց առաքումը եւ պատերազմի աւարտին ապահովումը՝ քաղաքական հոլովոյթի մը ճամբով>>, ըսաւ ան:

Յանձնակատարը նաեւ նշեց. <<Շրջանային ուժերը կրնան նպաստել Սուրիոյ վերակառուցման հոլովոյթին եւ չխանգարել սուրիացիներուն կողմէ՝ իրենք իրենց ճակատագիրը որոշելու ջանքերը>>: Ան այս նպատակով արդէն իսկ Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա այցելած է, իսկ մօտ օրէն պիտի այցելէ նաեւ Թուրքիա:

Զարիֆ, իր կարգին, յայտարարեց. <<Մոկերինի Իրան եկած էր սուրիական տագնապին շուրջ տեսակէտներու փոխանակման համար եւ ոչ թէ՝ բանակցութեան>>:

 


comments