Ճումհուրիյէթի գլխաւոր խմբագիրն ու բազմաթիւ աշխատակիցներ կը ձերբակալուին

By Asbarez | Tuesday, 01 November 2016

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Թուրքիան Հոկտեմբեր 31ի առաւօտեան ցնցուեցաւ մամուլի աշխարհէն հասնող նոր լուրով մը, որ կը վերաբերէր երկրի ամենահին եւ այսօրուան պայմաններուն տակ հազուագիւտ ընդդիմադիր թերթերէն՝ <<Ճումհուրիյէթ>>ին։

Արդարեւ, Պոլսոյ աւագ դատախազութեան հրահանգով, առաւօտեան ոստիկանական գործողութիւն մը կատարուեցաւ <<Ճումհուրիյէ>>չ թերթին դէմ, եւ հսկողութեան տակ առնուեցաւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Մուրատ Սապունճուն։

Սապունճուի հետ հսկողութեան տակ առնուելու որոշում կայացուած է այլ 15 հոգիի դէմ։ Հսկողութեան տակ առնուած է յայտնի հրապարակագիր Այտըն Էնկին եւս։ Իսկ Օրհան Էրինչ, տարեց ըլլալուն համար, թէեւ հսկողութեան տակ չէ առնուած, բայց խուզարկում կատարուած է անոր տան մէջ։

Դատախազութիւնը դիտել տուաւ, որ թէեւ թերթը չ՛անդամակցիր Կիւլենի շարժումին կամ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններ կը նկատուին Անգարայի կողմէ, այնուհանդերձ՝ <<անոնց անունով յանցագործութեանց մէջ է>>, եւ այդ պատճառով ալ կասկածելի անձերու դէմ հարցաքննութիւն բացուած է։ Ձերբակալութեան որոշում առնուած է նաեւ թերթի նախկին խմբագիր Ճան Տիւնտարի դէմ, որ այժմ արտասահման կը գտնուի։

Միւս կողմէ, թրքական իշխանութիւնները շաբաթավերջին պաշտօնազրկած են աւելի քան 10,000 պետական պաշտօնեաներ, Կիւլենի շարժումին հետ կապեր ունենալու կասկածով։

Նշենք, որ Թուրքիա աւելի քան 37,000 հոգի ձերբակալած է եւ աւելի քան 100,000 պաշտօնեաներ, դատաւորներ, դատախազներ, ոստիկաններ եւ ուրիշներ պաշտօնազրկած է, պետութիւնը Կիւլենի հետեւորդներէն <<մաքրագործել>>ու աննախադէպ արշաւին ընթացքին։

 


comments