Ուաշինկթըն խորապէս անհանգստացած է Ճումհուրիյէի դէմ գործողութեամբ

By Asbarez | Wednesday, 02 November 2016

1102Dogan cumhuriyet

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն խորապէս անհանգստացած է Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր <<Ճումհուրիյէթ>> թերթի գլխաւոր խմբագրին ու լրագրողներու ձերբակալութիւններուն պատճառով:

Գերմանական <<Տէօչէ Վելլէ>> պատկերասփիւռի կայանի թրքական ծառայութեան համաձայն, Քըրպի նշած է. <<Ժողովրդավարութիւնը աւելի զօրաւոր կը դառնայ, երբ դժուար ժամանակներու ընթացքին կ՛արտօնուի բազմակարծութիւնը: Յուլիս 15ի ռազմական յեղաշրջման փորձին ետին կանգնած մարդոց յայտնաբերելու ուղղուած գործողութիւններուն Ամերիկա ըմբռնումով կը մօտենայ, սակայն խորապէս կ՛անհանգստանայ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու նկատմամբ կառավարութեան կողմէ իրականացուող ճնշումներուն ի տես>>:

Իր կարգին, <<Մարմարա>> կը գրէ, թէ <<Ճումհուրիյէ>>չ թերթի վարիչներուն ու աշխատակիցներուն դէմ բացուած հարցաքննութիւնը, որուն գծով ցարդ ձերբակալուած են թերթին վարիչներէն ու աշխատակիցներէն 13 հոգի, փոթորիկ ստեղծած է մամլոյ աշխարհէն ներս, աւելցնելով, թէ թերթը Նոյեմբեր 1ին հրատարակուած է ու ոչ միայն չէ մեղմացուցած իր ձայնը, այլ նաեւ կը շարունակէ ասպարէզ կարդալ իշխանութիւններուն։

<<Պիտի Չյանձնուինք>> գրուած է թերթին առաջին էջին վրայ մեծադիր գիրերով։ Թերթը հրատարակած է նաեւ խմբագրական մը, որուն մէջ դիտել կը տրուի, թէ <<Ճումհուրիյէ>>չ երկրի ամէնէն հին թերթերէն մէկն է, որ առաջին օրէն ի վեր հաւատարիմ կը մնայ ժողովրդավարութեան ու աշխարհիկ կարգավիճակին։ Թերթը կը պնդէ որ իշխանութիւնները կ՛ուզեն լռեցնել թերթը, բայց թերթը անդրդուելի պիտի մնայ։ Թերթը նաեւ ծիծաղելի կը գտնէ այն պնդումները, թէ <<Ճումհուրիյէ>>չ կը զօրակցի Ֆեթհուլլահ Կիւլենի, յիշեցնելով, որ թերթը տարիներով մերկացուցած է Թուրքիոյ աշխարհիկ  իշխանութիւնները տապալելու ու կրօնամէտ իշխանութիւն մը հիմնելու նպատակով Կիւլենի կողմէ տարած աշխատանքը։

 


comments