By Asbarez | Wednesday, 02 November 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Առաւօտ>> - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 1 Նոյեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի հետ:
Այս մասին յայտնած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփ-ման գիծին մէջ տիրող իրավիճակը, ընդգծած է, որ վերջին շաբաթներուն ընթացքին Ատրպէյճան պարբերաբար լարուածութիւն կը ստեղծէ շփման գիծին մէջ՝ աւելցնելով կրակոցները եւ մեծցնելով կիրարկուող զէնքերու տրամաչափը:
Վերոնշեալ սադրանքներուն Հայաստանի զինուած ուժերը կը պատասխանեն միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային՝ հաւատարիմ մնալով որդեգրուած զսպման մարտավարութեան:
Դեսպան Քասփրչիք իր կարգին նշած է, որ ԵԱՀԿի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակը շարունակական աշխատանքներ ի գործ կը դնէ շփման գիծին մէջ լարուածութեան նուազեցման նպատակով եւ յոյս յայտնած, որ յառաջիկային կարելի պիտի ըլլայ յառաջընթաց արձանագրել վերոնշեալ ուղղութեամբ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ