By Asbarez | Friday, 04 November 2016
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ռոյթըրզ>> - Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3ին, նախագահ Միշել Աուն աւարտեց վարչապետի նշանակման նպատակով երեսփոխաններու հետ երկօրեայ խորհրդակցութիւնները, որոնցմէ ետք նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Սաատ Հարիրի պիտի ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը: 127 երեսփոխաններէն 110ն առաջադրեցին <<Մուսթաքպալ>> հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի անունը։
Աուն խորհրդակցութիւններու սկսած էր ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, որ առաջադրած էր Հարիրիի թեկնածութիւնը՝ միաժամանակ կոչ ընելով կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:
Հինգշաբթի օր, Աուն հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխան Արթիւր Նազարեանի հետ, որոնք Հարիրիի թեկնածութիւնը առաջադրեցին։
<<Հըզպալլա>>ն քաղաքական միակ գլխաւոր ուժն էր, որ ոչ ոքի անունը առաջադրեց վարչապետի պաշտօնին համար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ