ԱՅՍՕՐ ԱՊՐԻԼ 24 Է - ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ

By Asbarez | Saturday, 05 November 2016

1105HDP Paylan

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Նոյեմբեր 4ին դատապարտեց Թուր-քիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներու եւ այլ ղեկավարներու ու երեսփոխաններու ձերբակալութիւնը, միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիին, որ միջամտէ՝ դարմանելու համար կացութիւնը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կոչ կ՛ընէ իր համակիրներուն, որ դիմեն Քերիին ու այլ պաշտօնատարներու, որպէսզի անոնք վճռական քայլերու ձեռնարկեն՝ <<Թուրքիոյ մէջ գործող վերջին ժողովրդավարական կուսակցութիւնը լռեցնելու շուրջ Էրտողանի ջանքերուն դէմ>>:

Հայ Դատը այս նպատակով համացանցային արշաւի մը սկսած է՝ <<#FreeHDP>> հասցէով։

Իր կարգին, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը զօրակցութիւն յայտնած է քրտամէտ կուսակցութեան, միաժամանակ խստօրէն դատապարտելով Էրտողանի եւ Թուրքիոյ կառավարութեան նախաձեռնած այս հալածանքը։ Իր կարգին, հալածուող կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան <<Թուիթըր>>ի վրայ գրած է. <<1915ը կը վերապրինք. այսօր Ապրիլ 24 է>>։

 

comments