Արամ Ա. այցելեց Լիբանանի նախագահ Աունին

By Asbarez | Saturday, 05 November 2016

1105aoun aram

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Պաապտայի նախագահական ապարանքը եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նորընտիր նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, թեմերուն, ժողովական կառոյցներուն անունով եւ անձնապէս ջերմօրէն շնորհաւորեց Աունի նախագահ ընտրութիւնը՝ մաղթելով, որ իր ընտրութեամբ՝ ներքին միասնականութեան, տնտեսական զարգացման եւ միջազգային յարաբերութեանց փայլուն նոր էջ մը բացուի Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ քրիստոնէական ներկայութիւնը աւելի ամրապնդելու մասին: Թէ՛ նախագահը եւ թէ վեհափառը շեշտեցին լիբանանեան Սփիւռքը վերակազմակերպելու եւ Լիբանանի զօրակցութեան նոր մղում տալու հրամայականը:

Շնորհաւորական այս այցելութեան, վեհափառին կողքին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Մայր տաճարի լուսարարապետ Նորայր եպս. Աշըգեան:

 



comments