By Horizon Weekly | Saturday, 05 November 2016

Արդէն բազմիցս առիթը ունեցանք անդրադառնալու ցեղասպանութիւն եզրին AFP-ի կողմէ չակերտուելու հարցին: Վերջին անգամ գրեցինք, թէ ֆրանսական գործակալութեան խմբագրական կազմի պատասխանատուն՝ իրեն ներկայացուած բողոքին նամակով մը պատասխանելով՝ յանձնառու եղած էր աւելի մօտէն հետեւելու հարցին, եւլն…: Բայց ըստ երեւոյթին բան չէ փոխուած: Այս մասին կը յայտնէ <<Նոր Յառաջ>>-ը:
Արդարեւ, AFP կը շարունակէ <<ցեղասպանութիւն>> (չակերտաւոր) ձեւը գործածել, նոյնիսկ երբ եզրը չի պատկանիր մէջբերումի մը:
AFP ատոր նորագոյն փաստը տուած է կիւլէնականներու առընչուող վերջին զարգացումներէն եւ <<Ճումհուրիյէթ>>-ի լրագրողներու ձերբակալութենէն ետք (տե՛ս. քովի սիւնակները) Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւններու լարումին վերաբերող լրատւութեան մը մէջ: Գործակալութիւնը հոն կ՚արծարծէ Հայոց <<ցեղասպանութեան>> (չակերտեալ) Պունտեսթակի կողմէ ճանաչման հարցը, գերման երգիծաբանին՝ Էրտողանը ծաղրի ենթարկելու պարագան, նշելու համար, թէ վերջին ամիսներուն երկու երկիրներու յարաբերութիւնները լարող դէպքերը իրարու յաջորդեցին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ